2015-05-09 09:07:00

Վատիկանի մէջ սուրբ պատարագ` երկրի ժառանգազրկուածներուն համար


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 9 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Ս. Պետրոսի մայր տաճարին մէջ տեղի կ՛ունենայ ս. Պատարագի արարողութիւն հանդիսապետութեամբ կարդինալ Անճելօ Գոմասթրիի` Վատիկանի ընդհանուր տեղապահը, որուն ընթացքին առաջին անգամուան համար կը կատարուի “Missa Pro Terrae Humilibus – աշխարհի հեզերուն եւ ժառանգազուրկ անհատներուն” սուրբ պատարագը, նուիրուած ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։

Երաժշտական այս ստեղծագործութիւնը` գործն է 10 երաժշտահաններու` 5 արժանթինցի եւ 5 իտալացի։ Ս. Պատարագի արարողութիւնը կազմակերպուած ''Adkins Chiti'' հիմնարկի նախաձեռնութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.